Արարատ-Երեւանի նախկին անուանի ֆութպոլիստ Ռոմիկ Վարդազարեան, որ նախանցեալ օր ունեցած էր առողջական խնդիրներ եւ վատթարացած վիճակ մը, երէկ կեանքէն հեռացաւ սրտի կաթուած մը հետեւանքով: Ան 60 տարեկան էր:
Ռոմիկ Վարդազարեան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին հանդէս եկած է Կոտայքի եւ Արարատի հետ:
Ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը աւարտելէ ետք, ան եղած է Բանանցի (այժմ` Ուրարտու) մարզիչ:
Նշենք, որ ան մեծ յարգանք կը վայելէր ֆութպոլի աշխարհին մէջ: