Երէկ` հինգշաբթի, 8 ապրիլին Փիւնիկի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Հայաստան-Լիբանան մրցումը, որ կ՛իյնայ «Աուըր Կէյմ» աղջկանց ֆութպոլի միջազգային մրցաշարքի, Ա. հանգրուանի երկրորդ օրուան մրցումներուն ծիրին մէջ:
Հայաստանի աղջկանց ազգային հաւաքականը մրցաշարքին սկսաւ 2-0 արդիւնքով
յաղթանակով մը:
Մրցումին 6-րդ վայրկեանին, Լիբանանէն Սելին Հատտատ սխալմամբ իր բերդին մէջ կոլ մը նշանակեց, մինչ 45-րդ վայրկեանին Մարալ Արթին, արդիւնքը վերածեց 2-0-ի:
Նշենք, որ աղջկանց հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Արմէն Սանամեան: