Կազմակերպութեամբ «Ա. ԹԷ. ՍԷ. ԷԼ.»-ին, կիրակի, 11 ապրիլին տեղի պիտի ունենայ «Սփիտ Թեսթ»-ի Ա. հանգրուանի մրցումը, «Քազինօ Տիւ Լիպան»-ի շրջակայքը` հովանաւորութեամբ «Մոթիւլ»-ի:
Կազմակերպիչ ակումբը յայտնեց, որ արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ ճշդուած է ուրբաթ, 9 ապրիլ, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ը:
Անիկա մրցումին մասնակցողներուն անունները պիտի հրապարակէ շաբաթ, 10 ապրիլին, յետմիջօրէի ժամը 13:00-ին: