Երէկ` ուրբաթ, 9 ապրիլին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա. »-ի «Եւրօ-2022»-ի զտումի մրցումներուն 5-րդ հանգրուանի Հայաստան-Ռուսիա մրցումը:
Հայրենի կազմը 5-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց աշխարհի փոխախոյեանէն:
Բ. խմբակին մէջ տեղի ունեցած այս մրցումէն ետք, այժմ Ռուսիա, որ կատարած է հինգ մրցում, 15 կէտով կը գրաւէ առաջին դիրքը: Իսկ Հայաստանի կազմը, որ ցարդ ապահոված է միայն կէտ մը, կը գտնուի վերջին դիրքին վրայ:



