«ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա. »-ի պաշտօնական կայքը երէկ հաղորդեց, որ «Եւրօ-2020»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին աւարտական հանգրուանի մրցումները, պիտի կատարուին համակիրներու ներկայութեան:
Նշուեցաւ, որ 8 քաղաքներու մէջ տեղի ունենալիք այս ախոյեանութեան ընթացքին մարզադաշտերը պիտի լեցուին 25-էն 100 առ հարիւր:
Պուտափեշտի «Փուշքաշ Արենա»-ն իրաւունք պիտի ունենայ ամբողջ մարզադաշտը լեցնելու:
Ս. Փեթերսպուրկի «Կազփրոմ Արենա» մարզադաշտին թրիպիւնները պիտի լեցուին 50 տոկոսով:
Իսկ այլ մարզադաշտեր պիտի լեցուին 25-էն 33 տոկոսով:
Նշուեցաւ նաեւ, որ մինչեւ այս ամսուան աւարտը կրնայ պատահիլ, որ մարզադաշտերուն արտօնութիւն տրուի թիւով աւելի շատ համակիրներ հիւրընկալել:



