Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի եւ աշխարհի ախոյեան Ֆրանսայի ազգային խումբի վտանգաւոր յառաջապահ Քիլիան Մպափէ չի փափաքիր իր պայմանագրութիւնը երկարաձգել իր ակումբին հետ:
Նշուեցաւ, որ 22 տարեկան ֆութպոլիստը մտադիր է ամրան ընթացքին տեղի ունենալիք ֆութպոլիստներու փոխանցման ընթացքին միանալ Ռէալ Մատրիտին:
Ըստ շրջան ընող լուրերուն, որոնք ցարդ պաշտօնական չեն, Մպափէ մերժած է Փարիզ Սեն Ժերմենի բոլոր առաջարկները:
Կը կարծուի, որ անոր փոխանցման պարագային մայրաքաղաքի կազմը ստանայ 120 միլիոն եւրօ: