Հայաստանի ծանրաբարձութեան տղոց հաւաքականի անդամ Յակոբ Մկրտչեան երէկ գիշեր դարձաւ Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը:
96 քկ դասակարգի մրցումներուն, երէկ գիշեր մրցումներ կատարեցին Հայաստանի երկու ներկայացուցիչները` Յակոբ Մկրտչեան եւ Դաւիթ Յովհաննիսեան:
Երկամարտի մրցումներուն, Մկրտչեան արձանագրելով 372 քկ արդիւնք մը, տիրացաւ պրոնզ մետալին: