Լեռնալիբանանի նահանգին մէջ տեղի ունեցող Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան Դ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 11 ապրիլին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը կը մրցի Պշամունի դէմ (Բ. խմբակ):
Ցարդ տեղի ունեցած երեք մրցումներուն ՀՄԸՄ-ի կազմը արձանագրած է նոյնքան յաղթանակ եւ կը գրաւէ առաջին դիրքը:
Մնալու համար առաջին դիրքին վրայ, վաղուան մրցումին եւս ՀՄԸՄ պէտք է արձանագրէ յաղթանակ մը:


