Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Պունտըսլիկա») 28-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երկրին գործող ախոյեանը եւ ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գրաւող Պայէրն Միւնիխ չկրցաւ իր դաշտին վրայ յաղթանակ մը արձանագրել եւ Իւնիոն Պերլինի հետ իր ճակատումը աւարտեց 1-1 արդիւնքով հաւասարութեամբ մը:
Պայէրն իր կոլը նշանակեց 68-րդ վայրկեանին, մինչ հիւր կազմը իր հաւասարութեան կոլը` 86-րդ վայրկեանին:
Իր արձանագրած այս հաւասարութենէն ետք, Պայէրն այժմ ունի 65 կէտ:
Երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Լայփցիկ ունեցաւ 60 կէտ` 4-1 արդիւնքով յաղթական վերադառնալէ ետք Վերտըր Պրեմընի դաշտէն:
5-րդ դիրքին վրայ Պորուսիա Տորթմունտ 3-2 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Շթութկարթի դաշտէն: Տորթմունտ այժմ ունի 46 կէտ: