Աթլեթիքօ Մատրիտի ուրուկուէյցի յառաջապահ Լուիս Սուարեզ, որ նախանցեալ օր իր կատարած փորձերուն ընթացքին վնասուածք ստացաւ, շուրջ մէկ ամիսով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն, այս մասին յայտնեց սպանական «ԱՍ» մարզաթերթը:
Բնականաբար, ասիկա մեծ հարուած եկաւ հասցնելու արժանթինցի մարզիչ Տիեկօ Սիմէոնէի գլխաւորած կազմին, որ կը պայքարի Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան հանդիսանալու համար:
34 տարեկան ֆութպոլիստը այսպիսով պիտի բացակայի Ռէալ Պեթիսի, Էյպարի, Հուեսքայի եւ Աթլեթիք Պիլպաոյի դէմ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան գծով կատարուելիք մրցումներէն: