Անդրանիկ Կարապետեան
Գրաւեց Երրորդ Դիրքը
Հայաստանի ծանրաբարձութեան հաւաքականի անդամ Կարէն Աւագեան հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեանութեան ախոյեան, մինչ Անդրանիկ Կարապետեան գրաւեց երրորդ դիրքը, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնի պաշտօնական կայքը:
Երկամարտին մէջ, Աւագեան արձանագրեց 375 քկ արդիւնք մը: Երկրորդ դիրքին վրայ յայտնուեցաւ վրացի Ռեւազ Տաւիտածէ, մինչ երրորդ դիրքը գրաւեց Անդրանիկ Կարապետեան (365 քկ):
Նշենք, որ այս ախոյեանութիւնը տեղի կ՛ունենայ Ռուսիոյ մայրաքաղաք Մոսկուայի մէջ: