Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան, Փարիզ Սեն Ժերմենի նախագահ Նասեր Խելայֆի երէկ իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ իր կազմին արձանագրած յաղթանակը` Պայէրն Միւնիխի դէմ, 3-2 արդիւնքով, բաւական կարեւոր եղաւ ակումբին պատմութեան համար:
Նշենք, որ Գերմանիոյ մէջ կատարուած այս մրցումը կ՛իյնայ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ:
«Այս յաղթանակը շատ կարեւոր էր մեզի համար, ատոր համար ալ կը շնորհաւորեմ ֆութպոլիստները: Մենք փաստեցինք, որ ունինք բացառիկ խումբ մը:
«Յոյսով եմ, որ կը յաջողինք յաղթական դուրս գալ երկրորդ մրցումին ալ, որ պիտի կատարուի Ֆրանսայի մէջ», ըսաւ Սեն Ժերմենի նախագահը:
Նշենք, որ անոնց միջեւ դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 13 ապրիլին: