Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 11-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին ՀՄԸՄ Անթիլիասի կազմը արձանագրեց իր 5-րդ յաղթանակը` 68-37 արդիւնքով պարտութեան մատնելով «ԵՈՒ. ԷՍ. ԺԻ.-1875»-ը (21-15, 46-20, 59-27 եւ 68-37):
ՀՄԸՄ-ի կազմը, որ յետաձգուած մրցում մը ունի կատարելիք եւ կրած է 5 կէտ, այժմ իր տրամադրութեան տակ ունի 15 կէտ եւ կը գրաւէ 5-րդ դիրքը:
21-ական կէտ ունին Ռիատի Պէյրութ (առաջին) եւ Պէյրութ (երկրորդ):
Իսկ Հուփս 20 կէտով կը գրաւէ երրորդ դիրքը: