«Եւրօ-2020»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ գիշեր կատարուեցան երկու մրցումներ` Ա. խմբակին մէջ:
Իտալիա, որ արձանագրեց իր երրորդ յաղթանակը, 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Կալեսը, բաւական հանգիստ ձեւով ապահովեց յաջորդ հանգրուանի` փլէյ օֆի մրցումներուն իր տոմսը:
Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Մաթէօ Փեսսինա (39-րդ), մինչ Կալեսի մարզիկներէն մէկը 55-րդ վայրկեանին կարմիր քարտ մը ստացաւ:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Ռոպերթօ Մանչինիի գլխաւորած կազմը յաջորդաբար 30-րդ մրցումն ըլլալով մնաց անպարտելի:
Իտալացիները վերջին անգամ պարտութիւն կրած էին 10 նոյեմբեր 2018-ին` Փորթուգալէն (1-0):
Նոյն խմբակին մաս կազմող Թուրքիա, որ կրեց իր երրորդ յաջորդական պարտութիւնը, այս անգամ` Զուիցերիայէն` 3-1 արդիւնքով, հրաժեշտ տուաւ մրցաշարքին` առանց ոչ մէկ կէտ ապահովելու:
Զ. խմբակին մէջ, բաւական հետաքրքրական ճակատումի մը ընթացքին, Գերմանիա 4-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Փորթուգալի դէմ:
Քրիսթիանօ Ռոնալտօ նշանակեց Փորթուգալի եւ մրցումին առաջին կոլը` 15-րդ վայրկեանին:
Նոյն խմբակին մէջ, Ֆրանսա ոչ համոզիչ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Հունգարիոյ հետ:
66-րդ վայրկեանին Անթուան Կրիզման նշանակեց Ֆրանսայի հաւասարութեան կոլը:
Այսօր` երկուշաբթի, 21 յունիսին տեղի կ՛ունենան հետեւեալ մրցումները (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով).
Գ. ԽՄԲԱԿ | ԺԱՄ |
Մակեդոնիա-Նետերլանտներ | 19:00 |
Ուքրանիա-Աւստրիա | 19:00 |
Բ. ԽՄԲԱԿ.- | |
Ֆինլանտա-Պելճիքա | 22:00 |
Ռուսիա-Դանիա | 22:0022:00 |