Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը, իր պատմութեան մէջ երրորդ անգամ ըլլալով ապահովեց Ասիոյ բաժակի մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի մրցումներու իր տոմսը: Անիկա տեղի պիտի ունենայ 2023-ին` Չինաստանի մէջ:
Մայրիներու կազմը առաջին անգամ իր տոմսը ապահոված էր 2000-ին, երբ հիւրընկալած էր մրցաշարքը, իսկ երկրորդը` 2019-ին, երբ մասնակցած էր զտումի մրցումներուն, որոնց աւարտական հանգրուանը տեղի ունեցած էր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ:
Ասկէ բացի, Լիբանան ապահովեց նաեւ Քաթարի մէջ տեղի ունենալիք 2022-ի Մոնտիալի զտումի Բ. հանգրուանի մրցումներուն իր տոմսը:
Բ. հանգրուանի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը տեղի պիտի ունենայ 1 յուլիսին, իսկ մրցումները տեղի պիտի ունենան յառաջիկայ նոյեմբերի կիսուն:
Լիբանանի ազգային խումբին ձեռք ձգած այս յաջողութիւնը շնորհաւորողներուն կարգին եղաւ նաեւ, Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան: