Երէկ գիշեր իր աւարտին հասաւ «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ) տեղի ունեցած Ասիոյ թեքուանտոյի 24-րդ ախոյեանութիւնը, երբ կատարուեցան վերջին օրուան աւարտական մրցումները եւ որոնց յաջորդեց անոր փակման պաշտօնական հանդիսութիւնը (մանրամասնութիւնները` վաղուան մեր մարզական էջով):
Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին 38 երկիրներ Ասիայէն, Եւրոպայէն, Ափրիկէէն, Ամերիկայէն:
Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերող բոլոր մարզիկներն ալ իրենց ամէն կարելին ըրին` իրենց երկրին համար մետալներ ապահովելու:
Այստեղ նշենք, որ Լիբանանի համար առաջին մետալը (պրոնզ) ապահովեց Մարք Խալիֆէ (54 քկ)` ազատ ոճի մրցումներուն:
Լիբանանցի մարզիկներուն ապահոված մետալներուն կ՛անդրադառնանք մեր վաղուան թիւով: