Իտալիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի կռփամարտի 22 տարեկանէն վար ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Հայաստանի ներկայացուցիչներուն յաղթարշաւը կը շարունակուի:
60 քկ դասակարգին մէջ, Ժորժիկ Մարութեան, իր առաջին մենամարտին, բացառիկ յաղթանակ մը արձանագրեց իր ազրպէյճանցի մրցակիցին` Ժալալ Կառպանովի դէմ:
Առաջին երկու ռաունտերուն, հայրենի կռփամարտիկը ունեցաւ հսկայական առաւելութիւն մը եւ անոր հարուածներէն մէկուն ընթացքին, անոր մրցակիցը ստացաւ յօնքի պատռուածք, որմէ ետք իրաւարարը դադրեցուց մենամարտը:
Ասկէ ետք, բժիշկները ազրպէյճանցիին արտօնութիւն չտուին շարունակել մենամարտը եւ նկատի ունենալով, որ Մարութեան նաեւ կէտերու մեծ առաւելութիւն ունէր, յաղթանակը շնորհուեցաւ հայ մարզիկին, որ այսպիսով թեքնիք նաքաութով մը աւարտեց իր այս մենամարտը, այս մասին յայտնեց Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Տպաւորիչ յաղթանակ արձանագրեց նաեւ Արմէն Մաշակարեան (69 քկ), որ յաջողեցաւ ապահովել քառորդ աւարտականի իր տոմսը: