Երէկ` հինգշաբթի, 17 յունիսին, «Եւրօ-2020»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի ծիրին մէջ կատարուեցան երեք ճակատումներ:
Այդ երեք մրցումներուն յաղթականները եղան Պելճիքա, Ուքրանիա եւ նետերլանտներ:
Բ. խմբակին մէջ, Պելճիքա 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Դանիան` այսպիսով արձանագրելով իր երկրորդ յաղթանակը, մինչ Դանիոյ համար անիկա հանդիսացաւ երկրորդ պարտութիւնը:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ Պելճիքա ապահովեց փլէյ օֆի մրցումներուն իր տոմսը:
Անոր օրինակին հետեւեցան նաեւ Նետերլանտներ, որոնք իրենց կարգին արձանագրեցին իրենց երկրորդ յաղթանակը` 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Աւստրիան:
Վերջապէս, երէկուան երրորդ եւ վերջին մրցումին, Ուքրանիա 2-1 արդիւնքով յաղթեց Մակեդոնիոյ: