Հաւանութեամբ եւ հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին եւ կազմակերպութեամբ «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցան պասքեթպոլի բացառիկ տաղանդ ունեցողներու տրիպըլի եւ թրի փոյնթի զտումի մրցաշարքին մրցումները:
Մրցաշարքին ներկայ գտնուեցան Ռիատիէն Ամիր Սէուտ, իսկ ՀՄԸՄ Անթիլիասէն` Նենսի Մաալուֆ:
14, 16 եւ 18 տարեկանէն վար, ինչպէս նաեւ 18 տարեկանէն վեր տղոց եւ աղջկանց այս զտումի մրցումները կատարուեցան բաւական հետաքրքրական մթնոլորտի մէջ:




