Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 17-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Պէյրութ, որ Շիահի մարզադաշտին վրայ հիւրը եղաւ Պէյրութին, անկէ կրեց 74-63 արդիւնքով պարտութիւն մը (8-9, 26-28, 45-50 եւ 74-63):
ՀՄԸՄ-էն 19 կէտ նշանակեց Քերիմ Ժատայել, մինչ նոյնքան կէտ նշանակեց Պէյրութէն Փաթրիք Պու Ապպուտ:
Մրցումին իրաւարարներն էին Ճենիֆըր Ամմուրի, Սերճիօ Քասսապ եւ Ռոժէ Օպէյտ: