Երէկ` հինգշաբթի, 17 յունիսին, Իտալիոյ մէջ մեկնարկը տրուեցաւ Եւրոպայի 22 տարեկանէն վար կռփամարտի երիտասարդական ախոյեանութեան, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայաստանի կռփամարտի երիտասարդական հաւաքականը:
Ախոյեանութեան առաջին օրը հայ մարզիկներէն մրցասպարէզ դուրս եկաւ միայն 69 քկ դասակարգի մրցումներուն մասնակցող Արմէն Մաշակարեան:
Նշենք, որ Հայաստանի տղոց հաւաքականը Կարէն Աղամալեանի գլխաւորութեամբ Իտալիա մեկնեցաւ 8 մարզիկով:
Այս ախոյեանութեան Հայաստան ունի նաեւ երկու մարզիկ` աղջկանց հաւաքականին մէջ: