Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի Մարզիկները Իրենց 11 Անպատասխան Կոլերը Նուիրեցին Ներսէս Ներսէսեանի Յիշատակին

June 21, 2021
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը մրցեցաւ դասաւորման վերջին դիրքին վրայ գտնուող Ժամհուրի դէմ:

Թէեւ ՀՄԸՄ փորձեց մրցումը յետաձգել, սակայն Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը յայտնեց, որ անիկա պէտք է տեղի ունենայ իր ճշդուած թուականին:

Նշենք, որ ՀՄԸՄ կ՛ուզէր մրցումը յետաձգել` նկատի ունենալով, որ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի անդամներէն` Ներսէս Ներսէսեան մահացած էր` բաւական երկար ժամանակ հիւանդութեան դէմ պայքարելէ ետք:

Ստիպուած, ՀՄԸՄ-ի մարզիկները սեւ թեւակապերով դաշտ ներկայացան եւ առ ի յարգանք մասնաճիւղի իրենց մահացած անդամին, մրցումէն առաջ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին անոր մահուան յիշատակը:

Մրցումը աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի կազմին մեծ եւ տպաւորիչ յաղթանակով` 11-0 արդիւնքով:

ՀՄԸՄ-ի անպատասխան կոլերը նշանակեցին Քամալ Աարաժ (3-րդ, 19-րդ, 35-րդ եւ 39-րդ), Աւագ Պալապանեան (9-րդ եւ 38-րդ), Միքայէլ Նորաշխարհեան (14-րդ), Սերժ Մելիքեան (21-րդ), Ժոզեֆ Նատեր (24-րդ), Ներսէս Քիւլխանճեան (27-րդ) եւ Յարութ Մումջողլեան (34-րդ):

Անոնք բոլորն ալ անխտիր իրենց նշանակած բոլոր կոլերը նուիրեցին ՀՄԸՄ-ական եղբօր յիշատակին:

Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, ՀՄԸՄ ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 13 կէտ: Անոր ետին գտնուող Մուաուատ ունի 10 կէտ:

Նախորդը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ-Ուահտեթ Մարըժ` 1-0

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ ( 21 Յունիս 2021)

RelatedPosts

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք`  Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը
Մարզական

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք` Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը

October 27, 2026
Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց
Մարզական

Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց

October 27, 2026
Ծառուկեան Կը Ցանկայ  Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ
Մարզական

Ծառուկեան Կը Ցանկայ Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.