Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ Իտալիոյ նախագահ Սերճիօ Մաթարելլա Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին մարզիկները պարգեւատրեց յատուկ շքանշաններով:
Երկրին ղեկավարը ազգային խումբի մարզիկներուն եւ մարզիչներուն յանձնեց «Իտալիոյ հանրապետութեան մատուցած ծառայութիւններուն համար» բարձրագոյն շքանշանը:
Յիշեցնենք, որ նախորդ 11 յուլիսին Իտալիա հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան` «ԵՒՐՕ-2020»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին աւարտականին յաղթելէ ետք Անգլիոյ: