Սոչիի մէջ (Ռուսիա) տեղի ունեցող աշխարհի ճատրակի բաժակի մրցաշարքի Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ աղջկանց մրցաշարքի Հայաստանի միակ ներկայացուցիչը` Էլինա Դանիէլեան, ճերմակ քարերով յաղթեց ռումանացի իր մրցակիցին` Իրինա Պուլմակային, 44-րդ շարժումին:
Անոնց միջեւ երկրորդ մրցումը պիտի կատարուի այսօր: Հաւասար արդիւնքի պարագային, վաղը` շաբաթ, 17 յուլիսին անոնց միջեւ տեղի պիտի ունենայ արագ մրցումի «թայ պրէյք»-ի ճակատումը:
Նշենք, որ Ա. հանգրուանի մրցումներուն, Դանիէլեան դասական երկու մրցումներուն ալ յաղթեց փարակուէյցի իր մրցակիցին` Կապրիելա Վարկասին:
Տղոց մրցումներուն, Հայկ Մ. Մարտիրոսեան, որ սեւ քարերով մրցեցաւ թուրք Եըլմազ Մուսթաֆայի դէմ, 49-րդ շարժումին յաղթանակ արձանագրեց:
Շանթ Սարգսեան, որ սեւ քարերով մրցեցաւ ազրպէյճանցի Նիճաթ Ապպասովի դէմ, արձանագրեց հաւասարութիւն մը:
Յովհաննէս Գաբուզեան սեւ քարերով պարտութիւն մը կրեց եգիպտացի Պասեմ Ամինէն, 39-րդ շարժումին:
Պարտութիւններ կրեցին նաեւ Գաբրիէլ Սարգսեան եւ Լեւոն Արոնեան:
Լեւոն Արոնեան պարտուած հռչակուեցաւ` նկատի ունենալով, որ ան չկրցաւ իր մրցումը կատարել` ջերմութիւն ունենալուն պատճառով:



