Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2020-2021 տարեշրջանը այսօր` ուրբաթ, 16 յուլիսին կրնայ հասնիլ իր աւարտին, երբ կատարուի Ռիատի Պէյրութ-Պէյրութ երրորդ մրցումը:
Պէյրութ, որ նախորդ երկու մրցումներուն յաղթանակ արձանագրած էր, այսօր իր երրորդ յաղթանակը արձանագրելու պարագային պիտի հռչակուի Լիբանանի աղջկանց ախոյեան:
Ռիատիի յաղթանակին պարագային պիտի կատարուի չորրորդ ճակատումը:
Նշենք, որ այսօրուան այս մրցումը, որ պիտի կատարուի Մանարայի մէջ, պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, փոխան երեկոյեան ժամը 17:00-ի:



