Երէկ` հինգշաբթի, 15 յուլիսին «Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Ա. հանգրուանի դարձի ծիրին մէջ կատարուեցան շուրջ քառասուն մրցումներ, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ յստակացան զտումի Բ. հանգրուանին իրենց տոմսերը ապահովող խումբերը:
Հայաստանի ներկայացուցիչներէն Արարատ-Երեւան, որ Գիւմրիի քաղաքային մարզադաշտին վրայ մրցեցաւ հունգարական Ֆեհերվարի դէմ, արձանագրելով 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը ապահովեց Բ. հանգրուանի իր տոմսը: Մրցումին երկու կոլերը նշանակուեցան 33-րդ եւ 85-րդ վայրկեաններուն:
Նշենք, որ անոնց միջեւ երթի մրցումը Հունգարիոյ մէջ աւարտած էր 1-1 արդիւնքով հաւասարութեամբ մը:
Սակայն Հայաստանի երկու այլ ներկայացուցիչները մրցաշարքէն դուրս մնացին:
Երթին իր կրած պարտութեան նման, 1-0 արդիւնքով դարձեալ պարտուեցաւ Ուրարտու իր հիւրէն` սլովենիական Մարիպորէն: Մրցումը տեղի ունեցաւ Ուրարտուի մարզադաշտին վրայ:
Իր կարգին, մրցաշարքէն դուրս մնաց նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի փոխախոյեանը` Նոա, որ 5-0 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը կրեց Ֆինլանտայի մէջ, դաշտին տիրոջմէն` Քուփսէն:



