Երեւանի նախկին «Միքա» մարզահամալիրին մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ախոյեանութեան «Չելընճ» մրցաշարքի Դ. խմբակի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Հայաստանի 20 տարեկանէն վար հաւաքականը, կրեց իր երկրորդ պարտութիւնը, այս անգամ` Ուքրանիայէն, 79-66 արդիւնքով:
Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Փաթիլ Եագուպեան (25 կէտ), այս մասին յայտնեց Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Նշենք, որ իր կատարած առաջին մրցումին, Հայաստան 88-51 արդիւնքով պարտուեցաւ Զուիցերիայէն:
Հայաստանի խմբակին մէջ է նաեւ Ալպանիա: