Արարատէն Ալաշկերտ վերադարձաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի թեկնածու Աղուան Պապիկեան, այս մասին յայտնեց անոր նոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Նշենք, որ Պապիկեան Լեհաստանի մէջ ունեցած է բաւական լաւ փորձառութիւն:
Ալաշկերտին միացաւ նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջատարներէն Խորէն Բայրամեանի կրտսեր եղբայրը, 23 տարեկան միջնապահ Լեւոն Բայրամեան:
Վերջերս Ալաշկերտին միացաւ նաեւ Երեւանի Նոայի նախկին խմբապետ Վլատիսլաւ Քրիւչքով:
20 յուլիսին «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Բ. հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ Ալաշկերտ պիտի հիւրընկալէ Շերիֆը: