Լոնտոնեան Չելսիի հետ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին տիտղոսակիր եւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի աշխարհի ախոյեան հանդիսացած յառաջապահ Օլիվիէ Ժիրու, այնպէս կը թուի, որ շուտով պիտի տեղափոխուի Ա. Սէ. Միլան, որովհետեւ ան տեսնուած է Միլանոյի մէջ:
Ըստ շրջան ընող լուրերուն, այս շաբաթավերջին 34 տարեկան ֆութպոլիստը պիտի ենթարկուի բժշկական քննութիւններու:
Նշուեցաւ, որ Ժիրուի համար իտալական ակումբը պիտի վճարէ մէկ միլիոն եւրօ եւ պիտի կնքէ երկու տարուան պայմանագրութիւն մը: