Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Նորպերթօ Պրիասքօ Բալեկեան իր նորամուտը նշեց իր նոր ակումբին հետ:
Անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին ան միացաւ Արժանթինի ֆութպոլի ամէնէն շատ ժողովրդականութիւն վայելող ակումբներէն մէկուն` Պոքա Ժունիորզին, անոր հետ ստորագրելով 4,5 տարուան պայմանագրութիւն մը:
Անոր նոր ակումբը, որ Լիպերթատորես ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին փլէյ օֆի մրցումներուն ծիրին մէջ մրցեցաւ Աթլեթիքոյի դէմ, արձանագրեց 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
Ան իր մասնակցութիւնը բերաւ ամբողջ մրցումին: