Սոչիի մէջ (Ռուսիա) տեղի ունեցող աշխարհի ճատրակի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Հայաստանի ներկայացուցիչներ Գաբրիէլ Սարգսեան եւ Յովհաննէս Գաբուզեան չկրցան յաղթահարել 1-64-րդ հանգրուանի արգելքը:
Գաբրիէլ Սարգսեան պարտուեցաւ իր հնդիկ մրցակիցէն, մինչ Յովհաննէս Գաբուզեան չկրցաւ յաղթել եգիպտացի Պասեմ Ամինին:
Նշենք, որ 1-64-րդ հանգրուանին Հայաստանի ներկայացուցիչ Հայկ Մ. Մարտիրոսեան յաղթեց իր թուրք մրցակիցին` Եըլմազ Մուսթաֆային, 1,5-0,5 արդիւնքով:
Շանթ Սարգսեան ազրպէյճանցի Նիճատ Ապասովի հետ իր պայքարը պիտի շարունակէ այսօր` շաբաթ, 17 յուլիսին, երբ անոնց միջեւ տեղի կ՛ունենայ «թայ պրէյք»-ի երկու արագ մրցում:
Լեւոն Արոնեան բարձր ջերմաստիճանի պատճառով դարձեալ չկրցաւ իր մրցումը կատարել յաջորդաբար երկրորդ օրն ըլլալով եւ բնականաբար դուրս մնաց մրցաշարքէն:
Աշխարհի բաժակի մրցաշարքը վերջին մրցաշարքն է, որուն ընթացքին Լեւոն Արոնեան կը ներկայացնէ Հայաստանը: Ան յառաջիկայ օգոստոսին կը սկսի Միացեալ Նահանգներու մարզական քաղաքացիութիւն ստանալու հոլովոյթին: