Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ 2021-2022 տարեշրջանին Գանձասար ելոյթ պիտի ունենայ Հայաստանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մէջ:
Այսպիսով, Գանձասար, որ վերջին տարիներուն կը մասնակցէր մանկապատանեկան ախոյեանութիւններուն, դարձեալ ներկայացուցիչ պիտի ունենայ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին հովանիին տակ տեղի ունեցող արհեստավարժ ախոյեանութեան:
Նշենք, որ խումբը իր դաշտին վրայ կատարելիք մրցումները պիտի կատարէ Կապանի քաղաքային մարզադաշտին վրայ: