Փորթուգալցի անուանի մասնագէտ Ժոզէ Մուրինիոյի գլխաւորած կազմը կը շարունակէ պատրաստուիլ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 2021-2022 տարեշրջանին:
Իր նախապատրաստութիւններուն կողքին հռոմեան ակումբը կատարեց ֆութպոլի բարեկամական իր առաջին մրցումը` Մոնթեքաթինիի դէմ:
Մրցումը աւարտեցաւ Ա. Էս. Ռոմայի յաղթանակով` 10-0 արդիւնքով:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Ա. Էս. Ռոմայի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան այս մրցումին նկատի առնուած էր իբրեւ հիմնական մարզիկ:



