Եւրոպայի գօտիին մէջ, Զ. խմբակին մաս կազմող Հայաստանի ֆութպոլի աղջկանց ազգային հաւաքականը երէկ կատարեց 2023-ի աղջկանց Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին իր առաջին մրցումը, երբ հիւրը եղաւ Նորվեկիոյ:
Գլխաւոր մարզիչ Արմէն Սանամեանի գլխաւորած կազմը զտումի իր մրցումներուն սկսաւ բաւական ծանր պարտութեամբ մը` 10-0 արդիւնքով:
Նորվեկիական Ռոզենպորկի յառաջապահ Լիզա-Մարիա Ութլանտ եւ քաթալոնական Պարսելոնայի միջնապահ Քարոլին Հեսըն հեթրիքի հեղինակ դարձան:
Հայաստանի կազմը յառաջիկայ 21 սեպտեմբերին կը կատարէ իր երկրորդ մրցումը, երբ Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Լեհաստանը:



