Լողորդ, ջրագնդակի Երեւանի Հիլզ ակումբի խմբապետ Էրիք Ստեփանեան լողալով անցաւ Սեւանայ լիճը` ի յիշատակ 44 օրուան պատերազմին ընթացքին զոհուած իր ընկերոջ, Հայաստանի ջրագնդակի հաւաքականի խմբապետ Հենրիկ Յակոբեանին:
18 տարեկան Էրիք Ստեփանեան Սեւանի մէկ ափէն միւսը անցաւ 57 վայրկեանի ընթացքին` յաղթահարելով 4,4 քմ տարածութիւնը:
Ան ըսաւ, որ իր ունեցած յաջողութիւնները կը պարտի Հենրիկ Յակոբեանին, որուն շնորհիւ ինք այս մարզաձեւը սիրեց:



