Երէկ` հինգշաբթի, 16 սեպտեմբերին Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Արարատ Արմենիա իր դաշտէն դուրս 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով Ա. դասակարգին մէջ հանդէս եկող Լեռնային Արցախի դէմ, ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը:
Ա. կիսախաղը աւարտեցաւ 1-1 արդիւնքով, մինչ հիւր կազմին յաղթանակի կոլը նշանակեց Մայիլսոն Լիմա, 86-րդ վայրկեանին:
Յաղթական կազմին առաջին կոլը նշանակեց Արտեոմ Աւանեսեան (18-րդ վայրկեանին):
Նշենք, որ քառորդ աւարտականին հասնող վերջին երկու մասնակիցներուն անունները կը յստականան այսօր` ուրբաթ: