Ղազախստանի ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ուրբաթ, 17 սեպտեմբերին մահացաւ ղազախ ծանրաբարձ Ալպերթ Լինտեր:
25 տարեկան մարզիկին մահուան պատճառները չնշուեցան:
Լինտեր, որ Ղազախստանի բազմակի ախոյեան է, ոսկի մետալակիր դարձած է նաեւ Ասիոյ ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան:
Ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը մեծ գովասանքով արտայայտուեցաւ անոր մասին` նշելով, որ ան միշտ ալ տիպար եւ օրինակելի մարզիկ մը եղած էր իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին: