Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ հայրենի կռփամարտիկները երէկ մեկնեցան Ռուսիոյ մայրաքաղաք Մոսկուա` իրենց մասնակցութիւնը բերելու համար բանակայիններու աշխարհի ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ 18-25 սեպտեմբերին:
Հայրենի կռփամարտիկներուն մարզիչներն են Արթուր Մելքումեան եւ Պաւլիկ Ղարսլեան:
Հայաստան այս ախոյեանութեան կը մասնակցի վեց կռփամարտիկով: