Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2021-2022 տարեշրջանի 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր տեղի կ՛ունենայ Սփորթինկ Ռիատի-Ախա Ահլի Ալէյ բացման մրցումը:
Այս մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 15:30-ին, տեղի պիտի ունենայ Ահտի դաշտին վրայ:
Բացման հանգրուանին, Սփորթինկ 3-1 արդիւնքով պարտուեցաւ Սաժեսէն, մինչ ալէյեան կազմը 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Շապապ Սահելի հետ:
Ախոյեան Անսար, որ տարեշրջանը սկսաւ 1-0 արդիւնքով պարտութեամբ մը` Պըրժէն, վաղը կը մրցի Սաժեսի դէմ, Ճիւնիի դաշտին վրայ, ժամը 16:00-ին:
Իսկ Նըժմէ, որ իր կատարած առաջին մրցումին 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Սաֆայի հետ, իր մրցումը կը կատարէ Կիրակի օր, երբ հիւրը կ՛ըլլայ Թրիփոլիի:



