Խորխէ Մենտես, որ յառաջապահ Անսու Ֆաթիի գործերը վարողն է, հասաւ Պարսելոնա, 18 տարեկան ֆութպոլիստին ապագային շուրջ բանակցութիւններ վարելու համար:
Ներկայ դրութեամբ անոր պայմանագրութիւնը ուժի մէջ է մինչեւ 30 յունիս 2022:
Մենտես անուղղակիօրէն քաթալոնական ակումբին ղեկավարութեան հասկցուց, որ հակառակ անոր որ ֆութպոլիստով հետաքրքրուած ակումբները կը սկսին շատնալ, սակայն ան կը նախընտրէ մնալ Պարսելոնայի հետ, բայց քիչ մը աւելի բարձր աշխատավարձով:
Պարսելոնայի ղեկավարութեան կողմէ ան կը նկատուի յառաջիկայ տարիներուն խումբին հետ փայլող աստղերէն մէկը:
Նշենք, որ արժանթինցի Լիոնել Մեսսիի հեռացումէն ետք անոր յանձնուեցաւ թիւ 10 մարզաշապիկը: