Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Պունտըսլիկա») 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն մեծագոյն յաղթանակը արձանագրեց երկրին գործող ախոյեանը` Պայէրն Միւնիխ, որ 7-0 արդիւնքով ջախջախեց իր հիւրը` Պոխումը:
Յաղթական կազմէն Ճոշուա Քիմիչ տուպլէ մը իրագործեց (27-րդ եւ 65րդ), մինչ Ռոպերթ Լեվանտովսքի բաւարարուեցաւ կոլով մը (61-րդ):
Պայէրնի նման 13 կէտ ունեցաւ նաեւ Վոլֆսպուրկ (2-րդ), որ իր կարգին յաղթանակ արձանագրեց:
Երրորդ դիրքը 12 կէտով կը գրաւէ Պորուսիա Տորթմունտ, որ 4-2 արդիւնքով յաղթեց Իւնիոն Պերլինին:
Յաղթական կազմէն տուպլէ մը իրագործեց Էրլինկ Պրոթ Հաալանտ (24-րդ եւ 83-րդ):