Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի ֆութսալի ազգային հաւաքականը յառաջիկայ շաբաթավերջին բարեկամական երկու մրցում պիտի կատարէ Մոլտովայի դէմ:
25 եւ 26 սեպտեմբերին տեղի ունենալիք այդ երկու բարեկամական մրցումները տեղի պիտի ունենան մրցակիցի դաշտին վրայ:
Վերոնշեալ մրցումներուն պատրաստուելու նպատակով, հայրենի կազմը 18-26 սեպտեմբերին յատուկ մարզական հաւաք մը պիտի կատարէ Մոլտովայի մէջ:
Նշենք, որ հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Ռուբէն Նազարէթեան: