Երէկ` չորեքշաբթի, 20 հոկտեմբերին, իր աւարտին հասաւ Միացեալ Նահանգներու ճատրակի 2022 տարուան ախոյեանութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Սենթ Լուիս քաղաքին մէջ (Միացեալ Նահանգներ):
Ուեսլի Սօ հանդիսացաւ երկրին ախոյեանը` թայ-պրէյքով պարտութեան մատնելով ամերիկահայ Սամուէլ Սեւեանը եւ Ֆապիանօ Քարուանան:
Փոխախոյեան հանդիսացաւ Քարուանա, որ իր կարգին յաղթանակ մը արձանագրեց պրոնզէ մետալակիր դարձած Սեւեանի դէմ:
Նշենք, որ անոնք երեքն ալ առաւելագոյն 11 կէտէն ապահոված էին 6,5-ական կէտ:



