Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 9-րդ հանգրուանի մրցումները:
Ախոյեանութեան նորեկ Բանակային կեդրոնական մարզական ակումբը («ԲԿՄԱ») ի վերջոյ յաջողեցաւ արձանագրել իր առաջին յաղթանակը` 8 պարտութիւններէ ետք:
Անիկա իր յաղթանակը արձանագրեց Նորավանքի դէմ, 2-0 արդիւնքով:
Դանիէլ Աղբալեան (14-րդ) եւ Սիմոն Օպոնտէ (67-րդ` սխալմամբ իր բերդին մէջ) նշանակեցին յաղթական կազմին կոլերը:
Պարագլուխի դիրքին վրայ կը գտնուի Արարատ-Արմենիա, որ ունի 25 կէտ:
Անոր ետին, երկրորդ դիրքը կը գրաւէ Արարատ, որ ունի 18 կէտ, մինչ Բանակային կեդրոնական մարզական ակումբը 3 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 10-րդ եւ վերջին դիրքը:
10-րդ հանգրուանի մրցումները տեղի պիտի ունենան 21, 22 եւ 24 հոկտեմբերին: