Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, այսօրուան յայտագիրին վրայ են ութ ճակատումներ` չորս տարբեր խմբակներու մէջ:
Այսօրուան կարեւորագոյն մրցումը տեղի պիտի ունենայ Բ. խմբակին մէջ, երբ ժամը 22:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) Լիվըրփուլ հիւրը պիտի ըլլայ Աթլեթիքօ Մատրիտին:
Իր կարգին, հետաքրքրական կը խոստանայ ըլլալ Փարիզ Սեն Ժերմեն-Լայփցիկ մրցումը (Ա. խմբակ), որ դարձեալ պիտի սկսի միեւնոյն ժամուն:



