Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ հայ իրաւարարները եւ տեսուչը «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա. »-ին կողմէ նոր նշանակումներ ստացան Եւրոպայի մէջ, այս ամսուան ընթացքին տեղի ունենալիք մրցումներուն գծով:
Սոֆիկ Թորոսեան իբրեւ կեդրոնի իրաւարար եւ Լիանա Եաղմուրեան, իբրեւ կեդրոնի իրաւարարի օգնական նկատի առնուեցան 19-27 հոկտեմբերին Եւրոպայի 19 տարեկանէն վար աղջկանց ֆութպոլի մրցաշարքին համար (Պուլկարիոյ մէջ):
Կեդրոնի իրաւարար Աշոտ Ղալթախչեան եւ կողմի իրաւարար Խաչատուր Յովհաննիսեան նկատի առնուեցան Ռումանիոյ մէջ 19-27 հոկտեմբերին տեղի ունենալիք Եւրոպայի 17 տարեկանէն վար ախոյեանութեան համար:
Նկատի առնուած հայ իրաւարարներուն կարգին են նաեւ Արման Ալաբերքեան (աղջկանց ֆութսալ), կեդրոնի իրաւարար Հենրիկ Նալբանդեան, կողմի իրաւարարներ Ատոմ Սեւգուլեան եւ Սարգիս Յովհաննիսեան, ինչպէս նաեւ` Արաքսիա Սարիբէկեան, Լիանա եւ Քրիստինէ Գրիգորեան եւ Արտեմ Գասպարեան:
Իսկ իրաւարարներու տեսուչ Քնարիկ Գրիգորեան միաժամանակ ստացաւ երկու նշանակում (2023-ի աշխարհի աղջկանց ֆութպոլի ախոյեանութիւն):
Առաջինը` Ուքրանիա- Ֆարօ կղզիներ (21 հոկտեմբեր), իսկ երկրորդը` Ղազախստան-Ֆրանսա (26 հոկտեմբեր):