Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի աղջկանց հաւաքականը կը շարունակէ պատրաստուիլ Ալպանիոյ դէմ տեղի ունենալիք մրցումին:
Մարզական այս հաւաքը տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ` գլխաւորութեամբ մարզիչ Արմէն Սանամեանի:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ մրցակիցին դաշտին վրայ, կ՛իյնայ 2023-ի աշխարհի աղջկանց ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ:
21 հոկտեմբերին հիւրը ըլլալէ ետք Ալպանիոյ, 26 հոկտեմբերին հայրենի կազմը Երեւանի մէջ կը հիւրընկալէ Քոսովոն: