Սենթ Լուիսի մէջ տեղի ունեցող Միացեալ Նահանգներու ճատրակի ախոյեանութեան 10-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի հանդիպումներուն, ամերիկահայ Սամուէլ Սեւեան ճերմակ քարերով մրցեցաւ Ուեսլի Սոյի դէմ:
30-րդ շարժումին անոնք երկուքը համաձայն գտնուեցան իրենց այս հանդիպումը աւարտել հաւասարութեամբ:
Աւարտէն մէկ հանգրուան առաջ, այժմ Սեւեան 6 կէտով կը գրաւէ դասաւորման պարագլուխի դիրքը:
Նոյնքան կէտ ունին նաեւ Ուեսլի Սօ եւ Ֆապիանօ Քարուանա:
Վերջինս նախավերջին հանգրուանին սեւ քարերով պարտութեան մատնեց Ալեքսանտր Լենտերմանը:



