Ֆութպոլի միջազգային ֆետերասիոնը` ՖԻՖԱ-ն, աշխարհի ազգային խումբերուն տեղեակ պահեց, որ կը մնայ իր որոշումին վրայ` աշխարհի ախոյեանութիւնը` Մոնտիալը երկու տարին անգամ մը կատարելու գծով:
Կը նախատեսուի, որ 2026-ի Մոնտիալէն ետք աշխարհի ախոյեանութիւնը տեղի ունենայ երկու տարին անգամ մը:
ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճիաննի Ինֆանթինօ յատուկ նամակներ յղեց ազգային ֆետերասիոններուն` անոնց ներկայացնելով իր նախագիծը այս ուղղութեամբ:
Կը նախատեսուի, որ յառաջատար ֆութպոլիստները տարուան ընթացքին շուրջ 30 օր ըլլան իրենց երկրի ազգային խումբերուն հետ:
Ներկայիս անոնք ազգային խումբերուն հետ կ՛ըլլան շուրջ 50 օր:
Նշուեցաւ, որ պիտի կրճատուին նաեւ զտումի մրցաշարքին մրցումները:
Այստեղ կարելի է նշել, որ «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա. »-ն, Հարաւային Ամերիկայի ֆութպոլի ֆետերասիոնը, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի արհեստավարժ լիկաներու ֆետերասիոնը, դէմ են ՖԻՖԱ-ի այս նախաձեռնութեան:
Սակայն ոչ պաշտօնական տուեալներով, 166 երկիրներու ֆութպոլի ֆետերասիոնները համամիտ են ՖԻՖԱ-ի առաջարկին:



