Պիելոռուսիոյ մայրաքաղաք Մինսքի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի 17 տարեկանէն վար ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքի ԺԳ. խմբակի Բ. հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ Հայաստանի տղոց հաւաքականը, որ մրցեցաւ Սլովաքիոյ դէմ, կրեց 5-0 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Իր կատարած առաջին մրցումին, հայրենի կազմը կրած էր 7-0 արդիւնքով պարտութիւն մը` Անգլիայէն:
Ուրբաթ, 22 հոկտեմբերին, Հայաստանի մրցակիցը պիտի ըլլայ` Պիելոռուսիա:



